2015-11-04 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Թող մեզ զպարտիս մեր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 4 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն որուն ընթացքին շարունակելով ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Մատէթոսի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսի աշակերտներուն սորվեցուցած Հայր Մեր Աղօթքին վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսական ժողովը, որ աւարտեցաւ վերջերս, խորհրդածեց ընտանիքի կոչումին ու առաքելութեան մասին եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից ընկերութեան ներքոյ։ Այդ եղաւ շնորհքի իրադարձութիւն մը որուն աւարտին սիւնհոդոսական հայրերը ինծի յանձնեցին իրենց եզրակացութիւնները որ ուզեցի հրապարակային դարձնել որպէսզի ամէնքն ալ մասնակից դառնային երկու տարի տեւած յանձնառու մեր այս աշխատանքին։ Այժմ սակայն ժամանակը չէ քննարկելու այդ եզրակացութիւնները որոնց մասին ես ինքս տակաւին պէտք եմ խորհրդածել'' յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով  ''Մինչ այդ սակայն կեանքը կանք չէ առած, ու յատկապէս ընտանեկան կեանքը կանգ չառներ, եւ դուք սիրելի ընտանիքներ միշտ ուղեւորութեան մէջ էք, ու կը շարունակէք կեանքի էջերուն մէջ գրել ընտանիքի աւետարանԻ գեղեցկութիւնը''։   

''Ընտանիքը մեծ մարզասրահ մըն է նուիրումի եւ փոխադարձ ներումի, առանց որուն ոչ մէկ սէր կարող է երկար տեւել'' ըսաւ Սրբազան Հայրը  մատնանշելով  Յիսուսի մեզի սորվեցուցած ''Հայր Մեր'' աղօթքին որուն մէջ Յիսուս  կը հրաւիրէ Հօրմէն խնդրել  ''Ներէ մեզի մեր պարտքը, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց որ մեզի կը պարտին'' եւ ապա  կը մեկնաբանէ ''Եթէ դուք ներէք մարդոց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի։ Իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց, երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեզի, ձեր յանցանքները'' (Մատթ 6, 12. 14-15)։

''Կարելի չէ ապրիլ առանց փոխադարձ ներումի, առ նուազն կարելի չէ լաւապէս ապրիլ` նա մանաւանդ ընտանիքիՆ մէջ'' ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը մատնանշելով  մէկը միւսին հանդէպ  առօրեային մէջ կատարած սխալներուն եւ յանձնարարելով այդ սխալներն ու վէրքերը դարմանել մէկ գաղտնիքով` ''օրը չաւարտել առանց մէկը միւսին ներողամտութիւնը խնդրելու, առանց հաշտութիւն կնքելու ամուսնոյն ու կնոջ միջեւ, ծնողաց ու զաւակներուՆ միջեւ, եղբայրներու եւ քոյրերու միջեւ... Եթէ սորվենք ներողութիւն խնդրել ու ապա փոխադարձաբար ներել, վէրքերը կը դարմանուին, ամուսնութիւնը կ՛ամրապնդուի եւ ընտանիքը կը դառնայ միշտ աւելի հաՍտատ օճախ մը որ կը դիմանայ բոլոր մեծ կամ փոքր ամբարշտութեան հարուածներուն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց ''եթէ այս մէկը ընենք ընտանեկան յարկին տակ ապա զայն կը փոխադրենք նաեւ ընտանիքէն դուրս''։ Արդարեւ որպէս քրիստոնեաներ` Աստուծոյ ներումը ընդունելով մենք եւս կը դառնանք կարող ներերու ուրիշները։ Ասոր համար Յիսուս մեզի կը պատգամէ կրկնել այդ խօսքերը եւ վերջին սիւնհոդոսը եւս կենդանացուց մեր այս յոյսը` հաստատելով թէ ընտանիքի կոչումին մաս կը կազմէ ներելու եւ ներում ընդունելու կարողութիւնը։ 

Սիրելի քրիստոնեայ ընտանիքներ, ըսաւ ապա Քահանայապետը, ձեզի կը վստահեցնեմ թէ եթէ կարող ըլլաք քալելու Երանութիւններու ճանապարհին վրայ, սորվելով եւ սորվեցնելով ներել փոխադարձաբար, եկեղեցւոյ համայն ընտանիքին մէջ պիտի աճի կարողութիւնը վկայելու Աստուծոյ ներումի վերանորոգող ուժը։ Ապա թէ ոչ, մի գուցէ կարող  ըլլանք գեղեցիկ քարոզներ արտասանելու եւ սատանաներ վտարելու սակայն Տէրը մեզ պիտի չի ճանչնայ որպէս իր աշակերտները։

''Քրիստոնեայ ընտանիքները իսկապէս կարող են շատ բաներ ընել այսօրուայ ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ մէջ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին հրաւէր ուղղելով բոլոր ընտանիքներուն Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն առթիւ վերագտնելու փոխադարձ ներումի գանձը։

''Աղօթենք որպէսզի բոլոր ընտանիքները միշտ կարող ըլլան հաշտութեան ստոյգ ճանապարհներ կառուցելու որպէսզի եւ ոչ մէկը ինքզինք զգայ միայնակ իր պարտքերուն բերին տակ'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց միասնաբար կրնկել` ''Հայր մեր ներէ մեզի մեր պարտքերը անպէս ինչպէս մենք կը ներենք ուրիշներուն''։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով` նմանիլ Սուրբ Մարթինօ Տէ Փորրէսի օրինակին ու անոր եղբայրօգնութեան ու նուիրումի կենցաղին, ինչպէս նաեւ անոր Փրկիչ Քրիստոսի ամբողջութեամբ յանձնումին եւ ի վերջոյ անոր հոգեւոր կորովին որպէսզի օգնէ երիտասարդները ապրելու կեանքը որպէս նուիրում, մխիթարէ հիւանդները դժուար պահերու ընթացքին եւ ուժ ներշնչէ նորապսակեալներուն իրենց ամուսնական կեանքի ուղեւորութեան ծիրէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.